2014-08-06 11:23:50

Սրբազան Քահանայապետը մօտիկութիւն յայտնեց Չինաստանի մէջ պատահած երկրաշարժի զոհերուն։


Չորեքշաբթի, 6 օգոստոսին, Ֆրանչիսկոս Պապը, յաւարատ հրապարակային ընդհանուր
ունկնդրութեան, յատուկէն վերյիշեց Չինսատանի մէջ, անցեալ կիրակի, 3 օգոստոսին, տեղի ունեցած երկրաշարժի պատճառած զոհերը.
՝՝ Մօտիկութիւնս կը յայտնեմ Չինաստանի Եունան մարզի մէջ բնակող ժողովուրդին, որոնք թիրախ եղան աղէտալի երկրաշարժին, որ պատճառեց բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ։ Կաղօթեմ զոհերուն եւ անոնց հարազատներուն համար ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն եւ բոլոր անոնց որոնք տնանկ մնացին, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապը,
մաղթելով, որ Տէրը ներշնչէ մխիթարութիւն, յոյս եւ աջակցութիւն այս դժուար պահերու ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.