2014-08-06 10:59:02

Մէկ ամիս դադարէ ետք սկիզբ առին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւնները` ''Եկեղեցին Նոր Ուխտ եւ Նոր Ժողովուրդ''։


Չորեքշաբթի, 6 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն, ու անոնց արտասանած իր ճառին մէջ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց ''Եկեղեցին Նոր Ուխտ եւ Նոր Ժողովուրդ'' նիւթին մասին։

Անցեալ խորհրդածութիւններուն ընթացքին նկատեցինք թէ ինչպէս Եկեղեցին կը կազմէ ժողովուրդ մը որ համբերութեամբ եւ սիրով պատրաստուած է Աստուծմէ եւ որուն ամէնքս հրաւիրուած ենք մաս կազմելու – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ ''այս ժողովուրդը միեւնոյն ատեն, նոր ժողովուրդ մըն է որ հիմնուած է Նոր Ուխտի մը վրայ, հաստատուած մեր Տիրոջ` Յիսուսի կողմէ։ Յովհաննէս մկրտիչն է, որ պատրաստեց այս ժողովուրդը Տիրոջ գալստեան, զայն հրաւիրելով սրտի դարձի եւ Աստուծոյ մխիթարութեան ընկալման։
Յիսուսի բերած բոլոր նորութիւնները կը գտնուին երանութիւններուն մէջ, որոնք իսկական ուրախութեան ուղին են եւ կը կատարելագործեն հին ուխտի օրէնքները։ Մենք վարժ ենք գոց սորվիլ տասը պատուիրանները փորձենք սակայն վերյիշել ու մեր սրտերուն մէջ դրոշմել նաեւ երանութիւնները`

“Երանի՜ հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:
Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի մխիթարուին:
Երանի՜ հեզերուն, որովհետեւ անո՛նք պիտի ժառանգեն երկիրը:
Երանի՜ անոնց` որ անօթութիւն ու ծարաւ ունին արդարութեան, որովհետեւ անո՛նք պիտի կշտանան:
Երանի՜ ողորմածներուն, որովհետեւ անո՛նք ողորմութիւն պիտի գտնեն:
Երանի՜ անոնց` որ սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անո՛նք պիտի տեսնեն Աստուած:
Երանի՜ խաղաղարարներուն, որովհետեւ անո՛նք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին:
Երանի՜ անոնց` որ հալածուած են արդարութեան համար, որովհետեւ երկինքի թագաւորութիւնը անո՛նցն է:
Երանի՜ ձեզի, երբ կը նախատեն ձեզ ու կը հալածեն, եւ ստութեամբ ձեզի դէմ ամէն [տեսակ] չար խօսքեր կ'ըսեն` իմ պատճառովս:
Ուրախացէ՛ք եւ ցնծացէ՛ք, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը շատ է երկինքը. քանի որ ա՛յս կերպով հալածեցին ձեզմէ առաջ եղած մարգարէները”:

Այս բառերուն մէջ կը կայանայ Յիսուսի բերած նորութիւնը` կեանքի ապրելակերպը եւ ուրախութեան ուղին, որուն վրայ մենք եւս կարող ենք ընթանալ Յիսուսի մեզի պարգեւած շնորհքին շնորհիւ։ Ասկէ զատ Յիսուս, Մատէթոսի 25-րդ գլխուն մէջ, մեզի ցոյց կու տայ ''օրէնքը'' որուն հիման վրայ պիտի դատուինք` ''Տէրը մեզ պիտի ճանչնայ երբ մենք զինք ճանչնանք աղքատին մէջ, տառապողին մէջ եւ անտեսուածին մէջ''։ Այս մէկը` մեր քրիստոնէական ապրելակերպի ստուգումի հիմնական չափանիշներէն մին է, որուն հիման վրայ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ չափուիլ ամէն օր։

Սիրելի բարեկամներ` Նոր ուխտը այս է` մենք զմեզ ճանչնալ Քրիստոսի մէջ, պարուրուած Աստուծոյ գթութեամբ եւ ողորմութեամբ։ Այս է որ մեր սրտերը ուրախութեամբ կը լեցնէ եւ այս է որ մեր կեանքը կը դարձնէ գեղեցիկ եւ հաւատալի վկայութիւն մը Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ բոլոր մեր եղբայրներուն որոնց կը հանդիպինք ամէն օր։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց սրահը գտնուող իտալացի եւ օտարազգի բազմահազար հաւատացեալները, յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով հիւանդներուն, երիտասարդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով երբեք յոյսը չկորսնցնել եւ յանձնուիլ Քրիստոսի ձեռքերուն մէջ որ առանց մեր արժանաւորութեան մեզ ազատեց ու փրկեց։







All the contents on this site are copyrighted ©.