2014-08-06 09:20:55

Կազայի մէջ 72 ժամուան զինադադարը ի զօրու է, մինչ Իսրայէլեան բանակը կը յայտարարէ Կազայէն իր ամբողջական հեռացումը։


Երեքշաբթի առաւօտեան ժամը 8:00-ին Կազայի մէջ ուժի մէջ մտաւ 72 ժամուան զինադադար մը: Իսրայէլեան բանակը Կազայէն իր ամբողջական հեռացումը յայտարարեց: Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտնեց, որ բանակը իր գլխաւոր առաքելութիւնը` Կազայի մէջ փապուղիներու քանդումը աւարտած է:
Իսրայէլի վարչապետի բանբեր Մարք Ռեկեւ իր կարգին յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի յարգէ զինադադարը, որուն շուրջ բանակցութիւնները տեղի ունեցան Եգիպտոսի մէջ, սակայն պատրաստ պիտի մնայ որեւէ զարգացումի եւ Համասի վերազինուիլը արգիլելը իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պիտի նկատէ:
Համասի բանբեր Սամի Ապու Զուհրի յայտնեց, որ շարժումը Եգիպտոսը տեղեակ պահած է, որ կ՛ընդունի զինադադարը: Իսլամական ժիհատի ընդհանուր քարտուղար Զիատ Նախխալէ «Մայատին»-ին յայտնեց, որ Եգիպտոս բանակցութեան իբրեւ հիմք ընդունած է պաղեստինեան պատուիրակութեան ներկայացուցած փաստաթուղթը: Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատի քաղաքական գրասենեակի անդամ Մահեր Թահեր իր կարգին «Մայատին»-ին յայտնեց, որ Եգիպտոս Գահիրէի մէջ պաղեստինեան պատուիրակութեան ներկայացուցած առաջարկները դրականօրէն ընկալած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.