2014-08-06 09:31:58

Ըստ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան Նախարարին. «Քիեւ շուտով յաղթանակ պիտի տանի երկրին հարաւ-արեւելքը»


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Վալերի Կելեթէյ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու յատուկ գործողութիւնը երկրին հարաւ-արեւելքը շուտով յաղթական աւարտ պիտի ունենայ:
Նախարարը պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուքրանիոյ բանակը երկրին հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ յաղթանակ արձանագրելու մօ՞տ է, ըսած է. «Ես հարիւր առ հարիւր վստահ եմ, որ շուտով յաղթանակ պիտի արձանագրենք»:
Նախարարը իր տեսակէտը մեկնաբանած է անով, որ ռուսամէտ զինեալներուն կողմէ վերահսկուող տարածքները «այժմ 2,5 անգամ փոքր են, քան չորս շաբաթ առաջ»:
«Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն մէջ ուքրանական ուժերուն միջոցով ազատագրուած է 16 քաղաք եւ գիւղ: Մեր ուժերը կը գտնուին յարձակողական հանգրուանի մէջ», վստահեցուցած է Կելեթէյ:
Ան նշած է, որ յատուկ գործողութիւնը Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն կը տրուի «բարձր գինով»: «Սակայն մեն այլընտրանք չունինք: Ուքրանիան կը նմանի այրող տան: Եթէ մենք զայն չմարենք, ապա կրակը պիտի հասնի Քիեւ, ապա Խարքով, իսկ իբրեւ արդիւնք` ամբողջ երկիրը», վստահ է նախարարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.