2014-08-06 09:37:26

Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի եւ ՏԱՀԵՇԻ միջեւ բուռն բախումները կը շարունակուին


Արսալի մէջ բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բախումները շարունակուեցան չորեքշաբթի, 5 օգոստոս-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին` պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին ջանքերով 24 ժամուան մարդասիրական զինադադար մը հաստատելու կարելիութիւնը իրականութիւն դարձաւ, Արսալէն դուրս բերելու համար վիրաւորները, ինչպէս նաեւ զինեալներուն հեռացումը ապահովելու համար:
Արսալի մէջ Լիբանանեան բանակը ձերբակալեց նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ Սլէյման Խալետ Ալին, որ ծնած է Քաայի մէջ, 1990-ին:
Բանակը Արսալի մէջ արձանագրեց յառաջխաղացք մը` տիրանալով ռազմավարական յաւելեալ բարձունքներու:
Կէսօրուան բուռն ռմբակոծումներէն եւ բախումներէն ետք Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յաջողեցաւ հանդարտեցնել կացութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք նախանցեալ երեկոյեան Արսալ մուտք գործած Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը կրցաւ դուրս գալ Արսալէն:
Երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդէն պատուիրակութեան մը եւ Արսալի հեղինակութիւններէն ոմանց հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արսալի մէջ կացութիւնը բարելաւելու միտումով ի գործ դրուող ջանքերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.