2014-08-05 10:13:38

Լիբանանեան բանակի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու միջեւ բախումները ստացան աւելի սաստիկ բնոյթ


Երկուշաբթի, 4 օգոստոսին, երրորդ օրն ըլլալով լիբանանեան բանակին եւ Ժապհաթ Նուսրայի ու ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն միջեւ զինեալ բախումները շարունակուեցան եւ ստացան աւելի սաստիկ բնոյթ:
Լիբանանեան բանակը իր թնդանօդներով եւ բազմափող հրթիռային համակարգով ռմբակոծեց Արսալի մէջ գտնուող հաւատադրժողական զինեալներուն դիրքերը եւ յառաջխաղացք արձանագրեց` իր հակակշիռին տակ առնելով Արսալի արհեստից վարժարանն ու շրջակայքը, որոնք նախանցեալ օր գրաւուած էին զինեալներուն կողմէ:
Բանակը ծանրօրէն ռմբակոծեց ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը, բանակին կողքին սուրիական օդուժը եւս ռմբակոծեց սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գտնուող զինեալները, որոնք ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, հազարաւոր են:
Գետնի վրայ բանակին որդեգրած միջոցառումները ցոյց տուին, թէ այդ պատերազմը պիտի շարունակուի եւ զինադադարի հաւանականութիւններ չկան:
Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ցարդ նահատակուած են 14 բանակայիններ, վիրաւորուած են 86 զինուորներ, իսկ 22 ուրիշներ` անյայտ կորսուած:
Բանակին հաղորդագրութեան համաձայն, Արսալի արեւմտեան, հարաւային եւ արեւելեան մուտքերը կը գտնուին բանակին հակակշիռին տակ:







All the contents on this site are copyrighted ©.