2014-08-05 10:01:38

Իսլամացած Հայեր “Արի Տուն” ծրագրի մասնակից


“Արի տուն” ծրագրի 6-րդ փուլի բացման մասնակցած է 182 սփիւռքահայ` 15 երկրներէ, անոնց շարքին կան նաեւ պատմական Տիգրանակերտէն ժամանած իսլամացած հայեր: Այս մասին կը յայտնէ yerkirmedia-ն։
Խումբի ղեկավար Գաֆուր Թուրքայ` Օհաննէս Օհանեան, ըսած է, որ Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ աշխարհով մէկ տարածուած հայերու մէջ ամենադժուարը իրենց` Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացածներու համար էր, անոնք իրենց հողի վրայ կորսնցուցած են անունը, ազգանունն ու կրօնը: Թուրքայ նշած է, որ Տիգրանակերտի մէջ արմատներուն վերադառնալու մեծ շարժում սկսած է: Ինքը եւս վերջերս վերադարձած է քրիստոնէական արմատներուն` վերագտնելով իր հայկական` Օհանեան ազգանունը: Տիարպեքիրի հայերը “Արի տուն” ծրագրին մասնակցելու հնարաւորութիւնը ստացած են գանատահայ ճարտարագէտ, բարերար Ռաֆֆի Պետրոսեանի աջակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.