2014-08-05 08:55:49

15 Օգոստոսին Իտալիոյ մէջ ''Աղօթքի օր հալածուած քրիստոնեաներուն համար''։


Յառաջիկայ 15 Օգոստոսին, ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, Իտալիոյ եկեղեցին կը կազմակերպէ ''աղօթքի օր հալածուած քրիստոնեաներուն համար` ''չենք կարող լուռ կենալ'' բնաբանով։
Իտալացի եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն հաւատացեալները որ յատուկէն աղօթք բարձրացնեն մասնաւորապէս Իրաքի եւ Նիճերիայի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն համար, որոնք ''գողգոթաի'' իրավիճակ կ՛ապրին։
Եպիսկոպոսները ցաւ կը յայտնեն որ Եւրոպան լուռ ու անտարբեր կեցուածք մը որդեգրած է հանդէպ քրիստոնեայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.