2014-08-04 11:50:50

''Մարդիկ եւ կրօնք'' միջազգային 28-րդ հանդիպումը կազմակերպութեամբ Սանդ'Էճիտիօ-յի հասարակութեան՝ Անվեր քաղաքին մէջ։


Պելկիոյ Անվեր քաղաքին մէջ (7-9 Սեպտեմբեր 2014) տեղի պիտի ունենայ ''Մարդիկ եւ կրօնք'' միջազգային 28-րդ հանդիպումը կազմակերպուած Սանդ'Էճիտիօ հասարակութենէն, ունենալով որպէս բնաբան ''Ապագան Խաղաղութիւնն է, կրօնք, մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ առաջին աշխարհամարտէն մէկ դար ետք''։ Կազմակերպիչներու գնահատումով աշխարհամարտի առաջին դարեդարձին վերակոչումը առիթ կ'ընծայէ այսօրուան մարդուն վառ պահել ջահը՝ յոյսի աղօթելով եւ աշխատելով խաղաղութեան համար։ Անվերի հանդիպումը պատասխան մը կ'ուզէ հանդիսանալ երկխօսութեան աճող պահանջին՝ վասն խաղաղութեան։
Կազմակերպիչներու գնահատումով հարկաւոր է կեդրոնանալ ներկայ միջազգային ընդհարումներու ու լարուածութիւններու վրայ հրաւիրելով կրօններու պատասխանատուները եւ բարի կամք ունեցող մարդիկը կերտելու աւելի զօրավիգ աշխարհ մը եւ զարգացնելու մշակոյթը հանդրժողութեան ու կեանքի պաշտպանութեան։
Միջազգային հաւաքը պիտի դիմագրաւէ նաեւ գաղթականութեան, աղքատութեան, խաղաղութեան դաստիարակութեան, նահատակութեան, կրօնական բնոյթ ունեցող հալածանքը, քրիստոնեաներու միութիւնը ու երկխօսութիւնը իսլամութեան հետ։
Ժողովին հրաւիրուած են անձնաւորութիւններ կաթողիկէ, մշակոյթի եւ միջկրօնական երկխօսութեան աշխարհէն։
Հանդիպումին նախատեսուած է մասնակցութիւնը Եւրոպական միութեան նորընտիր պատասխանատուները։







All the contents on this site are copyrighted ©.