2014-08-04 09:42:48

Կազայի մէջ սկիզբ առաւ իսրայէլեան միակողմանի զինադարը


Երկուշաբթի, առաւօտեան ժամը 10.00 ին, Կազայի մէջ սկիզբ առաւ Իսրայէլի կողմէ խնդրուած միակողմանի զինադադարը, այս մասին հաղորդած է Իսրայէլի բանակի Ռատիօ կայանը։
Մինչ այդ, կիրակի, 3 օգոստոսին, Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը 28-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 1830-ի, իսկ վիրաւորներունը` 9370-ի:
Պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց հրթիռակոծել Իսրայէլը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երեք իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուած են, երբ Քասսամի փաղանգներն ու Սարայա Քուտս խմբաւորումը ռմբակոծած են Աշքոլը:
Իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, որ իր սպաներէն Հետար Կոլտըն, որ Ռաֆահի մէջ բախումներէ ետք ուրբաթ օրուընէ ի վեր ճակատագիրը անյայտ կը նկատուէր, սպաննուած է:
Նախքան այդ, նշեալ սպային ընտանիքը իսրայէլեան կառավարութիւնն ու բանակը ամբաստանած էր ճակատամարտէն ետք իր զաւակը պաղեստինցիներուն լքելու համար: Ընտանիքը բանակէն պահանջած էր չհեռանալ Կազայէն, նախքան իր որդին յայտնաբերելը:







All the contents on this site are copyrighted ©.