2014-08-04 09:49:19

Լիբանանեան բանակը Արսալի մէջ կը դիմադրէ Ժապհաթ Նուսրային եւ ՏԱՀԵՇ-ին


Շաբաթ, 2 օգոստոս 2014-ին, լիբանանեան բանակը Արսալի մէջ ձերբակալեց Ժապհաթ Նուսրայի զինուորական պատասխանատու եւ ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկիչներէն Ապու Ահմետ Ժումաան, որ սուրիացի Իմատ Ահմետ Ժումաան է, Լիբանանի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի իշխանը, որ ճանչցած է ու ընդունած ՏԱՀԵՇ-ն ու անոր էմիրութիւնները:
Բանակի Արսալի անցարգելներէն մէկուն վրայ Ժումաայի ձերբակալումը պատճառ դարձաւ, որ իրենց դէմքերը ծածկած մեծ թիւով ահաբեկիչներ շրջափակեն բանակին Ուատի Հմայտի անցարգելը եւ առեւանգեն երկու զինուորներ` զանոնք Ժումաայի հետ փոխանակելու նպատակով:
Աւելի՛ն. այդ օտար զինեալները յարձակումներ գործեցին նաեւ Արսալի մէջ բնակող բանակայիններուն ու ապահովութեան ուժերու անդամներուն բնակարաններուն վրայ եւ գերեվարեցին անոնցմէ ոմանք, ինչպէս նաեւ ներխուժեցին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կեդրոններուն վրայ:
Արսալի բնակիչները պաշտպանեցին բանակն ու ապահովութեան ուժերը եւ քաղաքացիներուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցան նահատակներ ու վիրաւորներ, որպէսզի ահաբեկիչներէն կարենան ազատագրել բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դիրքերն ու կեդրոնները:
Քանի մը ժամ ետք, բանակը զինուորական տեսակարար գործողութեամբ մը կրցաւ ազատ արձակել առեւանգուած իր երկու զինուորները եւ յաւելեալ ուժեր պահանջեց:
Սակայն զինեալները իրենց հակակշիռը բանեցուցին ապահովական ուժերու մէկ կեդրոնին վրայ եւ շրջանին բնակչութիւնը փորձեցին սարսափի մատնել, բայց եւ այնպէս արսալցիները զանոնք դուրս շպրտեցին: Քաղաքացիներուն շարքին արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ:
Բանակը Ուատի Հմայտի եւ Թալլեթ Մուսայի մէջ շարունակեց իր դիմադրութիւնը զինեալներուն դէմ: Արձանագրուեցան բուռն բախումներ, բանակը ծանր կերպով ռմբակոծեց զինեալներուն գտնուած վայրերը:
Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ բանակը պիտի չարտօնէ Սուրիոյ պատերազմին Լիբանան փոխադրութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի չարտօնէ, որ օտարներ Լիբանանի հողերուն եւ լիբանանցիներուն դէմ ոտնձգութիւններ գործեն:
Բանակը շաբաթ օրուան պատահարը նկատեց շատ վտանգաւոր եւ զայն դասեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն դէմ նիւթուող դաւերուն շարքին: Բանակը հաստատեց, որ այդ ահաբեկիչներուն դէմ ինք խիստ պիտի վարուի:
Շաբաթէն կիրակի լուսցող գիշերուան ընթացքին բանակը շարունակեց զինուորական իր գործողութիւնները` զինեալներուն շարքերուն մէջ պատճառելով մեծ թիւով զոհեր:
Զինեալներուն եւ բանակին միջեւ բախումները շարունակուեցան մինչեւ երեկոյ, երբ բանակը յայտարարեց, որ իրեն պատկանող թիւ 83 կեդրոնէն զինեալները փախուստ տուած են: Թիւ 83 կեդրոնը կը գտնուի Արսալի մուտքին:
Արսալ հասան մեծ թիւով զինուորներ, որոնց շարքին` մասնայատուկ ուժերու ջոկատն ու անկարգելաւորները:
Մինչ Արսալէն փախուստ տուող քաղաքացիները, որոնք ահաբեկիչներուն կողմէ կրակոցի ենթարկուած էին, յայտնեցին, որ ահաբեկիչները Արսալը իրենց ամբողջական հակակշիռին տակ առած են, «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները փորձած են Լապուէ մուտք գործել:







All the contents on this site are copyrighted ©.