2014-08-04 11:38:20

՝՝Ազատ, որովհետեւ արտօնուած է բարիք ընել՝՝ Եկեղեցի սպասաւորող գերմանացի աւելի քան 50.000 երախաներ ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ։


4-էն 8 օգոստոս 2014, Եկեղեցի սպասաւորող գերմանացի աւելի քան 50,000 երեխաներ
Ուխտագնացութեամբ Հռոմ կը ժամանեն։ Այս առթիւ Գերմանացի եկպիսկոպոսները
Երկուշաբթի, 4 օգոստոսին յետմիջօրէին, մամլոյ ասուլիս մը ունեցան Ռատիովատիկանի մէջ ներկայացնելու համար վերոյիշեալ հաւաքը որուն բնաբանն է ''Ազատ, որովհետեւ արտօնուած է բարիք ընել''։
4 օրուայ կեցութեան ընթացքին երախաները շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենան Յաւիտենական Քաղաքի հրապարակներու եւ այլ վայրերեու մէջ կը մասնակցին ծիսական արարողութիւններու, ինչպէս՝ Հռոմի Ս. Պօղոս եւ Ս. Յովհաննէս պազելիքաներու մէջ։
Երեքշաբթի` 5 Օգոստոս-ին Եկեղեցի սպասաւորող երախաները յետմիջօրէին հանդիպում պիտի ունենան ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, որուն ընթացքին երեկոյեան ժամը 18.30-ին տեղի կ՝ունենայ երեկոյեան ժամասացութիւն։ Արարողութեան աւարտին Գերմանիոյ եպիսկոպոսական դասի նախագահը ուղերձ մը պիտի ուղղէ Սրբազան Քահանայապետին։ Ապա ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ պատասխանելով չորս երախաներու ուղղած հարցումներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.