2014-08-02 09:09:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական այցելութիւնը հարաւային Քորէայի։


Սրբազան Հայրը` 13 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, կը մեկնի Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն եւ կ՛ուղղուի Սէուլ` ուր կը ժամանէ հինգշաբթի 14 օգոստոսին, տեղական ժամով` 10,30-ին։
Առաջին օրուայ յայտագիրը կը նախատեսէ ''Բարի Գալուստի'' պաշտօնական արարողութիւն, հանդիպում հանրապետութեան նախագահին եւ երկրի պատկան իշխանութիւններուն հետ, Ան ապա կը հանդիպի Քորէայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն հետ։
Ուրբաթ 15 օգոստոսի օրակարգը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 8,45-ին, Սրբազան Հօր ինքնաթիռով Սէուլէն ` Տայէժոն փոխադրումով, ուր առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Տայէժոնի ''World Cup Stadium'' մարզադաշտին մէջ, Վերափոխման տօնին առթիւ, նախատեսուած է Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ Մարեմեան Աղօթքը։
Կէսօրին` Տայէժոնի աւագ նորընծայարանին մէջ Սրբազան Հայրը սիրոյ ճաշը կը բաժնեկցի երիտասրադներուն հետ ու ապա յետմիջօրէի ժամը 4,30-ին կը փոխադրուի Սոլոմոէի սրբավայրը, ուր տեղի կ՛ունենայ առաքելական ճամբորդութեան կեդրոնական հանդիպումը` Ասիայի երիտասարդներուն հետ որուն ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իրենց կ՛ուղղէ սրտին խօսքը։
Շաբաթ, 16 օգոստոսին յայտագիրը կը նախատեսէ այցելութիւն` Սէօ Սօ Մուն նահատակներու սրբավայրին ու Փոլ Եուն Շի Զունկի ու անոր 123 նահատակ ընկերներու երանացման սուրբ պատարագի արարողութիւն։
Շաբաթ, 16 օգոստոսի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛այցելէ Քքոթոնկնէի անկարներու ` ''"House of Hope – Յոյսի Տուն" կեդրոնը, որմէ ետք հանդիպում կ՛ունենայ Քորէայի կրօնաւորական հասարակութիւններու անդամներուն հետ եւ աշխարհական առաքելութեան հաստատութիւններու պատասխանատուներուն հետ։
Կիրակի, 17 օգոստոսին Սրբազան Հայրը ''Հաէմի'' Սրբավայրին մէջ կը հանդիպի Ասիայի եպիսկոպոսներուն ու անոնց հետ կը բաժնեկցի սիրոյ ճաշը։ Յետմիջօրէի ժամը 16,30-ին Հաէմի աշտարակին մէջ կը գլխաւորէ Ասիայի Երիտասարդութեան 6րդ հաւաքի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։
Առաքելական ճամբորդութեան վերջին օրը` օգոստոս 18-ի առաւօտեան ժամը 9-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում կ՛ունենայ տեղական հոգեւոր առաջնորդներուն հետ, ու ապա 9,45ին Սէուլի Մէոնկ Տոնկ աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կը գլխաւորէ Խաղաղութեան եւ հաշտութեան սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին կ՛ուղղուի Սէուլի օդակայան ուր հրաժեշտի պաշտօնական հանդիսութեամբ վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային երրորդ առաքելական ճամբորդութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.