2014-08-02 10:56:23

Վսեմաշուք դեսպան Մինասեանի արտայայտութիւնը Սուրբ Աթոռի ուղարկած ''խաղաղութեան ի սպաս'' տեղեկագիրի մասին։


Վատիկանի արտգործ նախարար` գերապայածառ Տոմինիք Մամպերթի, անցեալ օրերուն, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, յայտնեց թէ Սուրբ Աթոռը տեղեկագիր մը ուղարկած է Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած բոլոր դեսպաններուն, որուն մէջ պարունակուած են Սրբազան Քահանայապետի վերջին ամիսներուն ընթացքին խաղաղութեան ի սպաս ուղղած կոչերը, անոնցմէ խնդրելով որ իրենց կարգին զայն փոխանցեն իրենց կառավարութիւններու, այն յոյսով որ միջազգային հասարակութիւնը, այս մարտահրաւէրը իւրացնէ եւ զայն դիմագրաւէ, քանի որ վտանգուած են մարդկային արժանապատուութեան հիմնական սկզբունքները եւ ամէն անհատի իրաւունքի յարգանքը։
Վերոյիշեալ տեղեկագիրի պարունակութեան մասին արտայայտուելով, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան` Տիար Միքայէլ Մինասեան յայտնեց իր եւ Հայաստանի կառավարութեան յանձնառումը` ի սպաս խաղաղութեան հաստատումին։ Ունկնդրենք անոր խօսքը`.
RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.