2014-08-02 08:46:23

''Սուրիացի ժողովուրդին համար ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ճակատագրական է'' կ՛ըսէ Ասատ։


ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը հաւատայ, որ Սուրիոյ բանակի սպաներն ու զինուորները «ունակ են կատարելու իրենց պատմական առաքելութիւնը` ազատել երկիրը ահաբեկիչներու յարձակումներէն եւ ծայրայեղականներէն»:
«Սուրիացի ժողովուրդին համար ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ճակատագրական է: Ատիկա պայքար է գոյատեւման եւ անկախութեան համար, որուն մէջ ոչ մէկ թուլացում կրնայ ըլլալ», յայտարարած է Ասատ` երկրի զինեալ ուժերու ստեղծման 69-ամեակին առիթով բանակայիններուն ուղղուած իր ուղերձին մէջ:
Ասատ իր հիացմունքը յայտնած է «հայրենի արժանի զաւակներու խիզախութեան եւ հերոսութեան առնչութեամբ»` ընդգծելով. «Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը ճամբայ պիտի բանայ դէպի երկրի խաղաղ վերածնունդ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.