Սուր Ինգնատիոս Տէ Լոյոլայի տօնին օրը Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Յիսուսեան Միաբանութեան
մայր տունը
Յիսուսեաններու միաբանութեան Մայր Տունը հաղորդագրութիւն մը հրատարակեց, որուն մէջ կը
յայտնէ թէ Յիսուսեան միաբան` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի, 31 Յուլիսի
կէսօրին, Սուրբ Ինգնատիոս Տէ Լոյոլայի տօնին առթիւ, ընդառաջելով Յիսուսեան Միաբանութեան
մայր տան հոգաբարձութեան հրաւէրին, ճաշի հիւրը եղած է իր եղբայրակիցներուն։ Սիրոյ
սեղանին մասնակցած են նաեւ Յիսուսեան միաբան` Հայր Փաոլօ Տալլոլիոյի հարազատները որոնց
Նորին Սրբութիւնը ուղղած է մխիթարական եւ քաջալերական խօսքեր, ինչպէս նաեւ ''եւրոպացի
Յիսուսեաններ կազմաւորումի մէջ'' հաստատութեան աշակերտութիւնը որ այս օրերուն Հռոմ կը
գտնուին։ Նորին Սրբութեան այս այցելութիւնը առանձնական բնոյթ ունի եւ անցած է մտերմիկ
եւ եղաբայրական մթնոլորտի մէջ։