2014-08-01 12:21:02

Մարդկային Կեանքի արժէքը։


Բոլոր բարիքներուն հիմն Է մարդկային կեանքը, աղբիւրն ու նախապայմանը մարդկային որեւէ գործի եւ ամբողջ ընկերային համակեցութեան:
Հաւատացեալները կեանքին մէջ կը տեսնեն Աստուծոյ սիրոյն պարգեւը, ու կոչուած են պահպանելու ու արգասաւորելու զայն: Ուստի, ոչ ոք կրնայ անմեղ մարդու մը կեանքը վտանգի ենթարկել ու միաժամանակ Աստուծոյ սիրոյն մէջ ապրիլ:
Ոչ ոք իրաւունք ունի բռնաբարելու այս հիմնական իրաւունքը: Ասիկա անընդունելի է եւ կ՛առաջնորդէ ծանր ոճիր մր գործելու:
Իւրաքանչիւր անհատ պարտականութիւնն ունի ուղղելու իր կեանքը Աստուծոյ ծրագիրին համաձայն: Ան յանձնուած է իբրեւ բարիք մր, որ այս երկրիս վրայ պէտք է տայ իր բարի պտուղները, ու ապա, իր ամբողջական կատարելութիւնը զգենու յաւիտենական կեանքին մէջ:
Կամաւոր մահը, այսինքն անձնասպանութիւնը, ոչ միայն անընդունելի` այլ եւ համազօր է սպանութեան:
Նման վերաբերմունք մը մարդուս կողմէ, կր հաստատէ մերժումը Աստուծոյ վեհութեան եւ սիրոյ ծրագիրին:
Անձնասպանութիւնը մերժումն է, նաեւ, ինքնիր անձին հանդէպ ունեցած սիրոյն: Ան ժխտում մըն է կեանքի բնական ներշնչումին, հրաժարումը արդարութեան հանդէպ ունեցած պատասխանատուութեան ու եղբայրսիրութեան: Պէտք է Լաւ զանազանել այն զոհագործումէն, որ աւելի վսեմ նպատակի մը համար կը կատարուի՝ Աստուծոյ փառքին, հոգիներու փրկութեան կամ եղբայրներու ծառայութեան համար, այսինքն՝ կեանքը վտանգի ենթարկելով:
Հաւատացեալին համար գոյութիւն չունի կեանք մը որ մեծ արժէք չունենայ:
Յովհաննէս Պօղօս բ. կ՛ըսէ. «Եկեղեցին անյողդողդ կերպով կը հաւատայ թէ մարդկային կեանքը, նոյնիսկ տխեղծ, չարչարուած ու տառապած, միշտ սքանչելի պարգեւն Է Աստուծոյ բարութեան:
Նոյնիսկ եթէ յոռետեսութիւնն ու եսասիրութիւնը կը մթագնեն աշխարհը, Եկեղեցին թիկունք կը կանգնի ի նպաստ կեանքին, եւ իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի մէջ գիտէ երեւան հանել «Այո»ն, որ ինքնին Քրիստոսն է: «Այո»ն կ՛ընդդիմանայ «Ոչ»ին որ կր տիրէ ու կր հարուածէ աշխարհը, պաշտպանելով մարդն ու աշխարհը բոլոր անոնց դէմ, որոնք կր բռնադատեն կեանքը»:
«Ոչ կարեւոր» մարդկային կեանք մը գոյութիւն չունի, որովհետեւ, իւրաքանչիւրը կոչուած է ու առաքուած Աստուծմէ, բոլորին բարիքին համար, մինչեւ իր գոյութեան վերջին վայրկեանը:
Տառապանքը կրնայ առիթ մը ըլլալ, ինչպէս նաեւ աղբիւր, հրահրելու ու մարդկայնացնելու գիտակցութիւնը թէ՛ հիւանդին եւ թէ՛ անոր որ կը մերձենայ իրեն:
Նկատի առնելով իւրաքանչիւր մարդու անձին արժէքը, բժիշկին պարտականութիւնն է յարատեւօրէն ծառայեյու ի նպաստ կեանքին, մինչեւ անոր մահը. չդիմել հեշտամահին ու չհրաժարիլ իր այդքան մեծ մարդասիրական գործէն, որ կր կայանայ վեհանձնութեամբ օգնել մահամերձին:
Շատ կարեւոր է, որ հասարակութիւնը գիտնայ, թէ բժիշկը ոչ մէկ պարագայի մէջ կրնայ կեանքին վերջ դնել, ապա թէ ոչ րոլոր ծանր հիւանդները հարց պիտի դնեն մտահոգուած, թէ այն դեղահատը կամ ասեղր որ իրենց կր ներարկուի, արդեօք նպատակ չունի ՞ իրենց կեանքին վերջ դնելու:
Ասիկա ճիշտ է, մանաւանդ անոնց համար, որոնք մերժուած եւ օգտակար չեն ընկերութեան: Անոնք պէտք է, համոզուին թէ բնաւ դատապարտուած չեն:








All the contents on this site are copyrighted ©.