2014-08-01 10:37:17

Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթին այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան


Հինգշաբթի, 31 յուլիս 2014, կէսօրին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամմատ Քապպանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի:
Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալի իրավիճակին՛ յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդներուն դիմագրաւած մեծ դժուարութիւններուն: Հանրապետութեան միւֆթին նշեց, որ արտաքին շահերն ու միջամտութիւնները տարածաշրջանին մէջ կը պառակտեն ու կը քայքայեն երկիրները, յառաջացնելով ծայրայեղ ու վտանգաւոր շարժումներ՝ ի նպաստ Իսրայէլի եւ բռնատիրական ուժերուն:
Իսլամ համայնքապետը Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց օրինակ մը «Կտակ ու Կանոնադրութիւն» ծրագրէն, որուն անձնապէս նախաձեռնած է ի սպաս Լիբանանի իսլամ-քրիստոնեայ խաղաղ համակեցութեան ու ազգային համերաշխութեան, նկատի առնելով հետզհետէ յառաջացող սպառնալիքները մանաւանդ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն դէմ տարածաշրջանին մէջ: Այս գծով ան հրաւէր մը ուղղեց Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչի մը միջոցաւ մասնակցելու առաջին հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի՝ 5 օգոստոսին, «Տար էլ Իֆթայի» տան մէջ:
Հոգեւոր Տէրը իր կարգին քաջալերեց ու գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ նշեց, թէ Լիբանանի եւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու խորհուրդը արդէն կը գործէ այս ուղղութեամբ, ապա ան շեշտեց միջկրօնական յարատեւ երկխօսութեան ու տարբեր համայնքներու միջեւ համերաշխ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը ներկայ քաղաքական ծանր պայմաններուն մէջ:









All the contents on this site are copyrighted ©.