2014-08-01 09:49:54

Ատրպէյճանական յարձակումը ետ մղելու մարտերուն նահատակուած են երկու հայ զինուորներ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– 31 Յուլիսին հակառակորդը ձեռնարկած է յարձակման՝ ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին ուղղութեամբ:
Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ դիրքապահ անձնակազմին կողմէ հանդիպելով կազմակերպուած դիմադրութեան եւ կրելով բազմաթիւ կորուստներ՝ հակառակորդը ստիպուած եղած է նահանջելու:
«Յենակէտում գտնուող անձնակազմը գործել է կազմակերպուած, ցուցաբերել բարձր մարտական պատրաստականութիւն եւ բարոյակամային որակներ, ինչի շնորհիւ, հակառակորդը կրելով բազմաթիւ կորուստներ, հետ է շպրտուել: Իրականացուած օպերատիւ գործողութիւնների արդիւնքում, հակառակորդից առգրաւուել են մեծ քանակութեամբ յատուկ սպառազինութիւն եւ տեխնիկական միջոցներ», գրուած է Արցաշի Պաշտպանական բանակի մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Գործողութեան իբրեւ հետեւանք զոհուած են Լեռնային Ղարաբաղի բանակի երկու զինուորներ՝ 1994 թուականին ծնած Արարատ Վաչիկի Խանոյեանը եւ Աշոտ Արթուրի Ասոյեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.