2014-07-31 09:57:17

Ֆիթրի Տօնին առիթով Ռայի Պատրիարքը շնորհաւորեց Պըրրին եւ Սալամը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ֆիթրի տօնին առիթով երէկ շնորհաւորեց Լիբանանի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ գտնուող իսլամները` մաղթելով, որ Լիբանանի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն տիրէ եւ Միջին Արեւելքի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատուի:
Ան կոչ ուղղեց երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծելու Լիբանանի եւ շրջանին դիմագրաւած հարցերը:
Այս առիթով Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի, շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Քասեմի եւ Թրիփոլիի ու հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի հետ:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը անակնկալ այցելութիւններ կատարեց Պաալպեքի եւ Տէյր Ահմարի, ինչպէս նաեւ Զահլէի մարոնի համայնքի առաջնորդարաններուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.