2014-07-31 15:33:59

Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպս. Մինասեանի Հովուական թուղթը նուիրուած Ընտանիքին


Չենք ուզեր որեւէ մէկը դատել կամ դատապարտել կեանքի ընթացքին գործած սխալներուն կամ մեղքերուն համար, ամէնքս ալ մեղանչական ենք, ամէնքս ալ կը կարօտինք Աստուծոյ օրհնութեան ու մեր մեղքերու քաւութեան թողութեան։ Սակայն բնական իրաւունք է ուզել տեսնել ձեր մէջ այն քաջութիւնն ու հաստատ կամքը վերականքնելու ու բաց երկնքի անհունութեան մէջ սլանալու, ինչպէս կապեանները (Ջայ կամ Ջայկա), բոյնէն չթռչած նախ կը թեւածեն գետնի վրայ, ապա կը թռչին իրենց ծնողներուն հետ դէպի անսահման տարածքները երկնքի։ Մենք ալ կապիաններու նման մարզենք հոգեւոր մեր թեւերը սլանալու սրբութեան երկնային ճանապարհներով, մեր ընտանիքի հարազատներուն հետ, որոնք մեզի տուին կեանք եւ բարոյական, որոնք մեզի ջամբեցին հոգեւոր պաշարը մեր կեանքին։ Այն օրը, որ ընտանեկան կեանքը ընտրեցիք, դրական պատասխանը տուիք Աստուծոյ, ծնողական ձեր յատուկ կոչումը ընդունեցաք, որ պատասխանատու է և Աստուծոյ պարգևն է: Անոր համար ալ Աստվածաշունչի Առակներուն գիրքը կը խրատէ զաւակին. «Որդեակ, պահէ հօրդ օրէնքը և մի մերժեր մօրդ խրատը: Ընդունէ անոնց հոգիիդ մեջ, մշտապես պահէ քու գլխիդ մէջ և իբեւ մանեակ, կրէ քու պարանոցին» (Առակաց 6.20-21), ծնողական պատասխանատուութեան մեծ կոչումը եւ պատիւը:
Հայրեր, ինչպէս Ս. Պօղոս իր նամակներուն մէջ կը գրէ “Ծնողներ մի՛ զայրացնէք ձեր որդի­ ները, այլ կրթեցէք զանոնք խրատներով…որ կը ներշնչուին Տիրոջմէ” (Եփես.6. 4), նոյնպէս այսօր կ'ուզենք նոյն խրատականը յիշեցնել։ Հայրութիւնը իշխանութեան եւ հրամայողա­ կանութեան մէջ չի կայանար լոկ, եւ ո՛չ ալ խստութեան զայրոյթի եւ անհաւասարակշիռ հրամաններու մէջ։ Հայրութիւնը կը կայանայ զոհողութեան, ներողամտութեան եւ նուիրումի հոգիի մէջ ինչպէս Ս. Պօղոս կ՛ըսէ "Ամուսիններ սիրեցէք ձեր կիները ինչպէս Քրիստոս սիրեց Եկեղեցին եւ իր անձը զոհեց անոր համար" (Եփես. 5. 25): Այո Քրիստոս իր անձը նուիրեց եկեղեցիին մինչեւ իր կեանքին վերջը՝ մինչեւ խաչին վրայ զոհուելով։ Հաւատարիմ մնաց անոր, խնամեց զայն իր Ս. Արիւնով եւ կը խնամէ եւ կը պահէ իր Ս. Մարմնով. “որ արեամբդ քո զմեզ ստացար եւ մարմնովդ կերակրես”, այսպէս կ՛աղօթենք Ս. Հաղորդութեան երկրպագութեան ընթացքին։ Դուք ալ քսան մէկերորդ դարու հայրեր հաւատարմութեամբ շարունակեցէք այն ինչ որ մեզի աւանդուեցաւ Ս. Գրքերու, եւ մեր Ս. Հայրերու ու տոհմային աւանդութիւններու միջոցաւ։
հայրեր ձեր կոչումը ազնիւ եւ սուրբ է։ Հարուստ է եւ պատուական, նա Ս. Պսակի խորհուրդով դաշինք մըն է կնքուած Աստուծոյ եւ իրարու հետ, պահելու եւ ի գին ամէն դժուարութեան, պաշտպանելու ձեզի յանձնուած ընտանիքը։ Ձեր խնամքին ու սիրոյն յանձնուած է ընտանիքը, որ հաւատարմութեամբ առաջնորդէք, այնպէս ինչպէս Ս. Յովսէփ աստուածահայրը՝ այս աշխարհին մէջ, խոնարհութեամբ, սրբութեամբ եւ սիրով զայն կատարեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.