2014-07-30 10:23:34

Ուաշինկթոնի տեղեկագիրը կրօնական ազատութեան մասին աշխարհի մէջ։


ԱՄՆի պետական քարտուղարութեան 2013-ի կրօնական ազատութեան մասին տեղեկագիրը շատ ժխտական կը նկատէ 2013 տարին։
''Աշխարհի չորս ծագերուն մէջ միլիոնաւոր քրիստոնեաներ, մահմետականներ եւ այլ կրօնի պատկան հաւատացեալներ պարտադրուած եղան հեռանալու իրենց օճախներէն հաւատքի պատճառաւ'', գրուած է ԱՄՆ-ի տարեկան տեղեկագիրին մէջ, որու համաձայն թէեւ հոս եւ հոն տեղի ունեցած են միջկրօնական համագործակցութիւն, սակայն տակաւին կրօնքի ազատութեան ուղղութեամբ շատ բան կայ ընելիք։
Պետական հարստահարումի գետնի վրայ Հիւսիսային Քորէան առաջինը կը հանդիսանայ, որուն վարչաձեւը խստիւ կը պատճէ կրօնական որեւէ գործունէութիւն։
Սաուտ Արաբիոյ, Իրանի եւ Սուտանի կառավարութիւնները կը շարունակեն սահմանափակել այն խումբերը որոնք չեն հետեւիր պետական կրօնքին։
Չինաստանի, Քուպայի եւ Կովկասեան երկիրներու մէջ կրօնական ազատութիւնը մօտէն հսկուած է պետութենէն։
ԱՄՆի պետական քարտուղարութեան 2013-ի տեղեկագիրը կը յայտնէ որ նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ տեղի կ'ունենան կրօնական ազատութեան որոշ խումբերու դէմ նախապաշարում եւ անհանդրժողականութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.