2014-07-30 10:32:03

Արեւելեան Ափրիկէի եպիսկոպոսներու կոչը խաղաղութեան ու ընտանիքի պաշտպանութեան ի խնդիր։


16-26 Յուլիս 2014 Մալավիայի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ափրիկէի եկեղեցիներու հաւաքը, որուն մասնակցեցան 150 եպիսկոպոսներ։ Լիանիստ գումարի աւարտին Էրիթերիայի, Եւթոպիայի, Քենիայի, Մալավիայի, Սուտանի, Թանծանիայի, Ուկանտայի եւ Զամպիայի եպիսկոպոսները պատգամ մը ուղղեցին Աստուծոյ ժողովուրդին, ընտանիքի պաշտպանութեան եւ խաղաղութեան ի խնդիր, ոչ միայն Ափրիկէի համար այլ եւ համայն աշխարհին։ Եպիսկոպոսներու համագումարին նիւթը եղաւ. ''Նոր աւետարանութիւնը զղջումի եւ քրիստոնէական հաւատքի վկայութեան միջոցաւ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.