Dna.ru կայքը կը գրէ, որ թէեւ հսկայական գումարներ ծախսուած են Պրազիլի մէջ ֆութպոլի
աշխարհի ախոյեանութեան հիւրընկալման համար մարզադաշտեր կառուցելու նպատակով, սակայն Մոնտիալի
աւարտէն ետք անոնք դարձած են ոչ պիտանի: Միեւնոյն ժամանակ հազարաւոր պրազիլցիներ բնակարանի
կարիք ունին: Այդ պատճառով ալ ֆրանսացի ճարտարապետներ Աքսել տէ Սթամփա եւ Սիլվեն Մաքաու
առաջարկած են ձեւափոխել մարզադաշտերը` զանոնք կարիքաւորներու համար բնակավայրի վերածելով: Աղբիւրը
կը գրէ, որ տակաւին շատ հարցումներ կան ճարտարապետներուն ուղղուած, օրինակ, թէ ինչպէ՛ս
պէտք է կառուցուի հասարակաց ենթակառուցուածքը կամ արդեօք մարզական կառոյցը պիտի կարենա՞յ
դիմանալ լրացուցիչ ծանրաբեռնուածութեան: Երեւակայական նախագիծի իրականացումը ամբողջովին
կարելի է, յատկապէս եթէ հաշուի առնուի այն, որ որոշ մարզադաշտեր եղած են ժամանակաւոր
կառոյցներ եւ ախոյեանութեան աւարտէն ետք կրնան դիւրութեամբ կազմաքանդուիլ: