2014-07-29 11:00:45

Կեանքը բարելաւելու 11 նախապայման


Իրականութեան մէջ կեանքը բաւական պարզ է: Այսինքն, անիկա կ’ըլլայ այդպիսին, եթէ մարդիկ աւելորդ ջանքեր չգործադրեն զայն բարդացնելու համար: Cluber.com-ը կը ներկայացնէ քանի մը պարզագոյն միջոց, որոնք կ’օգնեն դիւրացնելու կեանքը:
1. Սորվեցէ՛ք անցեալի սխալներուն վրայ, այնուհետեւ շատ արագ ձգեցէք զանոնք անցեալի մէջ: Անցեալի սխալները պէտք է միայն օգնեն ապագան կառուցելու, այլ ոչ թէ` կրել այդ բեռը ողջ կեանքի ընթացքին:
2. Կեդրոնացէք ա՛յն բաներուն վրայ, որոնք իրօք կարեւոր են: Շատ կարեւոր նպատակներ դրէք ձեր առջեւ եւ մէկ կողմ ձգեցէք մնացեալը:
3. Արտադրողականութիւնը աշխատանքային զբաղուածութենէն կարեւոր է: Ուղղակի որեւէ բան անելը դեռ քիչ է, պէտք է ընել այն, ինչ հարկաւոր է, որուն արդիւնքը միշտ աւելի կարեւոր է, քան` անոր վրայ ծախսուած ժամանակը:
4. Տուէ՛ք, որպէսզի ստանաք: Որեւէ իրավիճակի մէջ յայտնուելով՝ մարդիկ կրնան աւելին ստանալ այլ մարդոցմէ, երբ իրենք ալ պատրաստակամ ըլլան աւելին ընելու:
5. Պէտք չէ՛ յարմարիլ բոլորին: Մի՛ փորձէք անձնատուր ըլլալ եւ ձգտիլ ընկերութիւն ընել բոլորի հետ: Աւելի կարեւոր է` պահպանել իրական մտերիմ յարաբերութիւնները:
6. Հետեւեցէ՛ք սրտի կանչին: Անկե՛ղծ եղէք սեփական անձին եւ միւսներուն հետ, մի՛ դաւաճանէք, մի՛ ստէք, կատարեցէք ճիշդ քայլեր, քանի որ այդպէս ապրիլը շատ աւելի դիւրին է:
7. Կարգուկանո՛ն ստեղծեցէք ձեր շուրջը: Ազատուեցէ՛ք այն իրերէն, որոնք չէք օգտագործեր, իսկ մնացեալը դասաւորեցէք համապատասխան տեղեր:
8. Աշխատեցէք արդիւնաւէտ ըլլալ: Եթէ միշտ գործէք այնպէս, ինչպէս կը գործէք, փոփոխութիւններ տեղի չեն ունենար:
9. Ո՛չ ամէն ինչը եւ ո՛չ միշտ պէտք է կատարեալ ըլլայ: Ժպտացէ՛ք առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային, ո՛չ թէ անոր համար, որ կեանքը իտէալական է, այլ` որ ատիկա ձեր ընտրութիւնն է:
10. Ազատուեցէ՛ք բացասական յուզմունքներէ եւ այն մարդոցմէ, որոնք կը հանդիսանան նոր աղբիւրը: Ընտրեցէք այնպիսի՛ ընկերներ, որոնցմով կարելի է հպարտանալ, որոնք ձեր օրը լուսաւոր կը դարձնեն իրենց ներկայութեամբ:
11. Մոռցէ՛ք այն բանի մասին, թէ ինչ կը մտածեն ձեր մասին եւ ինչ սպասումներ ունին ձեզմէ: Երբեմն իրապէս ազատ եւ երջանիկ են այն մարդիկ, որոնք հաշուի չեն առներ, թէ ինչ կը մտածեն միւսները:








All the contents on this site are copyrighted ©.