2014-07-29 08:35:33

Աստուածային եւ մարդկային Սէրը


«Ինչպէս Հայրը սիրեց զիս, այնպէս ալ ես ձեզ սիրեցի. դուք մնացէք իմ սիրոյս մէջ: Եթէ պահէք իմ պատուիրաններս, պիտի մնաք սիրոյս մէջ, ինչպէս ես պահեցի Հօրս պատուիրանները, եւ կը մնամ անոր սիրոյն մէջ»: (Յովհ. 15, 9-10)
Յիսուս այս խօսքերը արտասանեց առաքեալներուն եւ մի քանի աշակերտներուն առջեւ երբ զիրենք հաւաքեց վերջին անգամուայ համար ճիշտ իր չարչարանքներէն եւ իրենց հեռացումէն առաջ: Խոսեցաւ՝ այդ 3 տարիները անցնելէ ետք իրենց հետ, եւ մանաւանդ չարչարանքները եւ խոնարհեցումը կրելէն առաջ որ երբէք արժանի չէր որեւէ մարդուն: Ժամանակ մըն է մտերմութեան եւ աղօթքի, մանաւանդ որ իր կտակը կը յանձնէր իրենց:
Այս խօսքերով Յիսուս յստակօրէն կը խօսի հոգեւոր կեանքին մասին որ է Աստուծոյ եւ մերձաւորին սէրը որ մեզի կը տանի ճշգրիտ ուրախութեան: Պահելով պատուիրանները՝ մենք կը մնանք Աստուծոյ սիրոյն մէջ, քանի որ ամէնայն սիրով եւ հոգիով սիրել զԱստուած լաւագոյն պատասխաննէ Աստուծոյ,, եւ այս ձեւով մենք կը մտնենք իրեն հետ յարաբերութեան մը մէջ որ է սիրոյ յարաբերութիւնը:
Ինքը զիս կը սիրէ եւ ես զինք, ուժական իրականութիւն մըն է: Այս յարաբերութիւնը փոխադարձ սէր եւ յարգանք մըն է, եւ Սուրբ Երրորդութեան ուժական սիրոյն մէջ մտնելն է: Աստուած մեզ ստեղծեց իր պատկերին համաձայն այսինքն ունենալ միեւնոյն մարմինը, բեռանը եւ ականջները որպէսզի կարենանք իրեն հետ բաժնել սիրոյն ճանաչումը եւ Աստուծոյ կեանքը:
Այսպէսով՝ ես որպէս զաւակը իր Եկեղեցւոյն, Աստուծոյ սիրոյն ազատ կերպով կը համապատասխանեմ ու կ'ապրիմ: Այս սէրը օրէ օր աւելի կ'աճի որովհետեւ կը նկատեմ զայն որպէս նորոգուած, լաւ հիմնուած եւ հաւատարիմ սէր մը:
Աստուծոյ այս միութեան պտուղը մերձաւորին եւ եղբօր սէրն է որովհետեւ մենք պէտք ունինք միշտ սորվելու այս գեղեցիկ սէրէն նորանոր քայլեր հաւատքի եւ միութեան: Յիսուս մարդկային էութիւնը առնելով եկաւ եւ յայտնեց մեզի Աստուածային սէրը, մեզի սորվեցնելով փոխադարձ սէրը: Փրկչագործութեան պատմութիւնը մեզի մտածել կու տայ թէ որքան Աստուած շատ մը ձեւերով ուզեց մարդոց հաստատել թէ զիրենք կը սիրէ, եւ դժբախտաբար մենք չենք հասկնար զայն լաւագոյն ձեւով, որովհետեւ յաճախ զայն կը մոռնանք երեսնիս դարձնելով դէպի աշխարհային հաճոյքները, եւ քանի որ մարդս չկրցաւ որսալ Աստուծոյ պատգամը ինքզինք ստիպուած զգաց մեզի պէս մարդանալու եւ իջնելու մեր քով եւ մեր լեզուի յարմարելու մեր մարդկային խօսակցութեան: Ան կնքեց այս սէրը խաչին վրայ մեռնելով:
Յիսուս այս առաքելութիւնը կատարեց պարզապէտ բոլորիս յայտնելու համար իր սէրը: «Ես կու տամ ձեզի նոր պատուիրանը. Որպէսզի զիրար սիրէք. Ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, այնպէս ան դուք զիրար սիրեցէք: Ասով ամէնքը պիտի ճանչնան, թէ դուք իմ աշակերտներս էք, եթէ դուք սիրէք զիրար» (Յովհ 13, 34-35):
Ո՜վ Յիսուս, տուր ինծի միշտ շնորհքը գտնելու այս Սէրը որ ինծի տուիր: Շնորհակալ եմ որ ինծի տուիր Սիւրբ Հոգին: Շնորհակալ եմ քեզի այն սիրոյն համար որ իմ մէջս կը լեցնես եւ որ ոչ ոք կրնայ զայն տալ ինծի: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.