2014-07-28 08:30:11

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քազերթայի մէջ՝ Միակ Յոյսը Յիսուսն է։


Շաբաթ, 26 Յուլիսի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չորս ժամուայ այցելութիւն մը կատարեց Իտալիոյ հարաւային շրջանը գտնուող Քազերթա Քաղաքին, որ հանրածանօթ է իր ''Ռէճճա Տի Քազերթա'' անունով արքայական պալատով, որուն հրապարակի տարածքին, Սրբազան Հայրը սուրբ պատարագի զոհը մատոյց աւելի քան երկու հարիւր հազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Սրբազան արարողութենէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ Քազերթայի թեմի կղերին հետ, անոնց հետ զրուցելով, թեմը յուզող եւ ընդհանրապէս կղերական կեանքին հայող զանազան հարցերու շուրջ, խրախուսելով ներկաները իրար զիրար յարգելու եւ եղբայրաբար վարուելու մէկը միւսին հետ ու յատկապէս Յիսուսի հետ յատուկ կապ մը ունենալու աղօթքի միջոցաւ։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն, ուր Յիսուս՝ առակներու ընդմէջէն կը խօսի Աստուծոյ Արքայութեան մասին, զայն ներկայացնելով որպէս թանկարժէք գանձ մը որուն ձգտելու համար հարկ է ամէն ինչ վաճառել ինչպէս ըրաւ հողագործը երբ արտի մը մէջ գտաւ գանձը կամ վաճառականը որ գեղեցիկ մարգարիտ մը կը փնտռէր։
Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց թէ ամէն մէկը երբ գտնէ գանձ մը, ու մեր պարագային Յիսուսը, ուրախութեամբ կը լեցուի։ Յիսուսի ներկայութիւնը կը բարեփոխէ մեր կեանքը։ Անոր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, կ՛այլափոխէ մեզ ու մեզ կը բանայ մեր եղբայրներուն, անոնց հիւրընկալութեան։
''Յիսուս այսօր մեր մէջ կը գտնուի'', յարեց Նորին Սրբութիւնը, որովհետեւ Ան ըսած էր երբ իմ անունովս հաւաքուիք ես ձեր մէջն եմ։ Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց ներկաները Աւետարանը կարդալու ու անորմէ ներշնչուելու ու ապա ընդգծեց ուղեգիծը գտնելու Աստուծոյ Արքայութիւնը։ Հարկաւոր է զԱստուած դնել առաջնահերթ կարգի վրայ, աւելի վեր աշխարհիկ որեւէ մէկ ինչքէ։ Աստուծոյ առաջնահերթութիւն տալ կը նշանակէ քաջութիւնը ունենալ ոչ ըսելու չարին, ոչ բռնութեան, ոչ չարաշահումի, ապրելով ուրիշի ծառայութեան նուիրուած կեանք մը, ի սպաս արդարութեան եւ հասարակաց բարիքին։ Ով որ Աստուծոյ բարեկամ կը դառնայ կը հրաժարի անձնասէր կեանքէն, կը սիրէ իր եղբայրները ու յանձնառու կ՛ըլլայ փրկելու անոնց կեանքը ու հոգատար ըլլալու անոնց առողջութեան, յարգելով բնութիւնն ու շրջապատը։

''Գիտակից եմ որ կը տառապիք'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ու շարունակեց, ''այսօր երբ հոս հասայ ձեզմէ մին ինծի ըսաւ ''Վարդապետ մեզի յոյս տուր'', բայց ես յոյս չեմ կրնար տալ, սակայն ձեզի կրնամ ըսել ''հոն ուր Յիսուս ներկայ է, հոն կայ յոյսը, եւ այս յոյսը յուսախափ չի թողուր''։ ''Ինչ որ կարեւոր է, ձեր այս հողը ազտագրելու համար, քաջութիւնն ունենալն է ոչ ըսելու կաշառակերութեան եւ անօրինութիւններուն։ Բոլորէն կը պահանջուի ծառայել ճշմարտութեան եւ զանազան պահերու ընթացքին դիմել աւետարանական կեանքի ոճին, որ կը յատկանշուի աղքատին եւ աքսորեալին նուիրուելով։

Քարոզի աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկեց այդ օր յիշատակուած՝ Սրբուհի Աննայի տօնին, զոր որակեց ''Յիսուսին մեծ Մայրը'', որ այսօր մեծ գործ ըրաւ այս հրապարակի վրայ համախմբելով Քազերթայի հասարակութիւնը, իր եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ եւ քաղաքացիական իշխանութիւններու ներկայութեամբ։ Թող Սրբուհի Աննան օգնէ ձեզ փնտռելու կեանքի իսկական գանձը՝ որ է Յիսուս – ըսաւ Ֆարնչիսկոս Պապը ու յանձնարարեց` ''Յոյս ունեցէք, եւ կը կրկնեմ մի թողուք որ ձեզմէ խլեն յոյսը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.