Այսօր Հայոց եկեղեցին կը տօնէ Ծիսական հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը` մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝
Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը, կամ այլակերպութիւնը: Եթէ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան
տաղաւարին կը տօնենք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութիւնը, Սուրբ Զատիկին՝ Անոր Փրկչագործութիւնը
եւ փառապանծ Յարութիւնը, ուրեմն Վարդավառին, Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տաղաւարին,
կը տօնենք Իր Աստուածութիւնը: Մեր Հայրերէն մին ըսած էր. «Եթէ Մկրտութիւնը` Քրիստոսի
աստուածայայտնութիւնն է ջուրերուն մէջ, ապա Վարդավառը` Քրիստոսի աստուածայայտնութիւնն
է լեռներուն վրայ»: Մեր նախնիները այս տօնը վարդավառ անուանեցին, որովհետեւ ինչպէս
կ՛ըսէ Գրիգոր Տաթեւացին. վարդը երբ դեռ կոկոն է իր մէջ կը պարփակէ իր գեղեցկութիւնը,
իր գոյները, եւ իր անուշահոտութիւնը. այդպէս ալ Տէրը նախքան իր պայծառակերպիլը` իր մէջ
պահած էր իր Աստուածութեան պայծառութիւնը: Եւ ինչպէս վարդը բացուելով յայտնապէս կ՛երեւի,
այնպէս ալ Տէրը այսօր պայծառակերպուելով կը յայտնէ Իր Աստուածութիւնը: Առաջին ընթերցումին
մէջ լսեցինք ինչպէս Յովհաննէս առաքեալ կը վկայէ թէ ան ոչ միայն մարմնաւորապէս տեսաւ զՔրիստոս,
հետը ապրեցաւ եւ անոր ձեռքերը շոշափեցին Աստուծոյ մարմնացեալ Խօսքը` աղբիւրը կեանքին
ինչպէս ուրիշ առաքեալներ, այլ նաեւ ինք աւելի մեծ շնորհքի արժանացաւ: Ան արժանիքը ունեցաւ
թափօր լեռան վրայ Քրիստոսի այլակերպութեան ատենը Անոր աստուածային փառքը տեսնելու: Ուստի
Յովհաննէս առաքեալ մեզի հետեւեալ գեղեցիկ պատգամը կը ձգէ ըսելով. եթէ կ՛ուզենք հաղորդութիւն
ունենալ Յիսուսի հետ, մէկ միջոց կայ` պէտք է քալել լոյսի ճանապարհով, որովհետեւ Աստուած
լոյս է, լոյս ի լուսոյ, որ ինքզինք յայտնենց բոլոր մարդոց անխտրաբար. հետեւաբար Քրիստոսի
մէջ խաւար չկայ, որովհետեւ խաւարը չ՛ըմբռներ լոյսը. խաւարը մեղքն է որ կը փախչի լոյսէն:
Արդ, եթէ մենք ըսենք որ Քրիստոսի հետեւորդներ ենք, ճշմարիտ քրիստոնեաներ ենք եւ մեր գործերը
խաւարին մէջ, գրասենեակներու սեղաններու տակէն կը կատարենք` մեծագոյն ստախօսներն ենք,
եւ ճշմարիտ չեն մեր գործերը: Որովհետեւ լոյսը մէկ է երեկ, այսօր եւ յաւիտեան: Լոյսը ամէն
օր միեւնոյն կերպով կը ճառագայթէ բոլոր արարածներուն վրայ, թէ՛ մանուկին, թէ՛ չափահասին
եւ թէ՛ ծերունիին վրայ: Հետեւաբար առաքեալին պատգամը հետեւեալն է` ըլլալ Լոյսի որդիներ:
Այլ խօսքով` ամէն ժամանակ մեր լոյսը թո՛ղ ճառագայթէ բոլոր մարդոց վրայ, թէ՛ աշխատանքի,
թէ՛ զբոսանքի ժամանակ, թէ՛ տառապանքի եւ թէ՛ բերկրանքի մէջ մարդիկ թող տեսնեն զայն մեր
դէմքերուն վրայ` ինչպէս որ առաքեալները թափօր լեռան վրայ լոյս տեսան Յիսուսի դէմքին վրայ:
Այս այնքան գեղեցիկ ու յափշտակիչ տեսարանին առջեւ երեք աշակերտները կը զմայլին,
այնպէս որ Պետրոս առաքեալը կը հարկադրուի աղաղակել. «Տէր, մեզի լաւ է որ հոս մնանք եւ
եթէ ուզես, երեք վրաններ լարեմ, մէկը քեզի, միւսը Մովսէսի, եւ երրորդը` Եղիայի համար»:
Ան կը փափաքի որ այդ երջանկաւէտ, երանաւէտ տեսարանը բնաւ չփարատի եւ անոնք ալ մնան լերան
գագաթը: Մինչ Պետրոս հիացած կերկով կը խօսէր ամպ մը ծածկեց զիրենք եւ անոր մէջէն ձայն
մը աղաղակեց. «Ասիկա է իմ սիրելի Որդիս, զոր ես հաճեցայ ընտրել, անոր մտիկ ըրէք»: Երկնային
այս վկայութիւնը անգամ մը եւս կու գայ շեշտելու Քրիստոսի աստուածայայտնութիւնը: Մինչ
լեռնէն կ՛իջնէին, Յիսուս պատուիրեց իր աշակերտներուն որ տեսիլքը ոչ մէկուն պատմեն, մինչեւ
որ Ինք Յարութիւն չ՛առնէ: Այս պատուերով, Յիսուս կ՛ուզէ հասկցնել իր առաքեալներուն որ
Թափոր լերան փառքը մեզի երկինքի մէջ կը սպասէ, իսկ երկրաւոր կեանքին մէջ հարկ է տառապիլ,
չարչարուիլ, նեղութիւն կրել, առօրեայ խաչը կրել յաւիտենական երջանկութեան հասնելու համար:
Պօղոս առաքեալն ալ չմեռած` յափշտակուեցաւ երրորդ երկինքը, բայց ի՞նչ կ՛ըսէ. «ինչ
որ աչքը չէ տեսած, ականջը չէ լսած, ինչ որ մարդուն սիրտը չէ ինկած, Աստուած պատրաստած
է զինք սիրողներուն»: Հետեւաբար եթէ մեզի` մարդոց համար պատրաստուած Աստուծոյ փառքը
մի քանի րոպէի մէջ այնքան հրապուրեց, այնքան հիացուց առաքեալները, ու ապշեցուց զիրենք,
հապա ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի` արդարներուս, երբ մտնենք արքայութիւնը ու հոն մնանք յաւիտեանս
յաւիտենից, վայելելով Աստուծոյ, Աստուածամօր ու բոլոր սուրբերուն դէմքը: Թէ որ նեղութիւն,
նախատինք, ցաւ, արհամարհանք, զրպարտութիւն եւ այլ խաչեր կրենք չի՛ ծուլանանք, չյանձնուինք
սատանային եւ անոր չար որոգայթներուն, որովհետեւ ասոնք ժամանակաւոր են, ոչինչ են բախդատմամբ
այն մեծ, յաւիտենական եւ անվախճան փառքին, որ մեզ կը սպասէ: