2014-07-25 09:34:38

«Սան Էճիտիօ» հասարակութիւնը կ'արժանանայ Գ. Կիւլպէնկեանի մրցանակին


21 յուլիս 2014-ին, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած է Գ. Կիւլպէնկեանի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ձեռամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ` Խորխէ Սամբայոյի։ Գալուստ Կիւլպէնկեանի մրցանակին արժանացած է «Սան Էճիտիօ» հասարակութիւնը:
Այս պարգեւատրումը մեծ արձագանգ ունեցած է տեղական մամուլին մէջ, որովհետեւ ան գնահատանքն է համայնքին մարդասիրական գործունէութեան այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր ներկայ է ան վասն մարդու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ այն միջնորդութիւններուն զորս կը կատարէ «Սան Էճիտիօ»՝ հակամարտութիւններուն եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս:
«Սան Էճիտիօ» հասարակութիւնը հանրածանօթ է Փորթուգալի մէջ որպէս դերակատար Մոզամպիքի խաղաղութեան ի խնդիր հաշտութեան բանակցութիւններուն եւ երկխօսութեան, որ տեղի ունեցած է Հռոմ` 1992-ին:
Ափրիկէի եւ փորթուգալերէնախօս երկիրներուն մէջ ան կը գործէ «DREAM» անուան տակ (Drug Resource Enhancement against AIDS and Malnutrition), հոգալով «AIDS» հիւանդութենէ տառապող մարդիկը. ինչպէս նաեւ «BRAVO» անուան տակ քարոզարշաւ կը կատարէ արձանագրելու համար ապօրինի փոքրերը (անյայտ մանչերը) պետութեան մօտ, որպէսզի անոնց շնորհուին քաղաքացիական իրաւունքները:







All the contents on this site are copyrighted ©.