2014-07-24 15:38:12

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Սուտանցի տիկ. Միրիամի ու անոր հարազատներուն հետ` շնորհակալ եմ ձեր հաւատքի վկայութեան համար։


Հինգշաբթի, 24 յուլիսի ժամը 1-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէկ դահլիճին մէջ ընդունեց, Սուտանցի Տիկին Միրիամ Եահիյա Իպրահիմ Իշակին ընկերակցութեամբ անոր ամուսինին Պր. Տանիէլ Վանի եւ երկու զաւակներուն՝ մէկ ու կէս տարեկան Մարդին մանչ զաւակը եւ երկու ամիս առաջ բանտին մէջ ծնած Մայա աղջիկ զաւակը։ Այս մասին հաղորդեց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին։
Նշենք , թէ Սուտանցի քրիստոնեայ տիկին Միրիամը` Սուտանի մէջ մահուան դատապարտուած էր հաւատուրացութեան յանցանքով, քրիստոնեայի մը հետ ամուսնացած ըլլալուն համար, քանի ան ծագումով մահմետական էր։
Տիկին Մարիամին եւ անոր ընտանիքին ընկերացած էր Իտալիոյ արտաքին գործոց փոխ նախարար՝ Տիար Լափօ Փիսթէլլի, որ Սուտան մեկնած էր բանակցութիւնները ամբողջացնելու եւ Միրիամն ու անոր ընտանիքը Իտալիա առաջնորդելու ՝ ուրկէ պիտի մեկնին Միացեալ Նահանգներ։
Հայր Լոմպարտի հաղորդեց թէ` Տիկին Միրիամի եւ անոր ընտանիքին հանդիպումը Ֆրանչիկսոս Քահանայապետին հետ տեղի ունեցաւ սերտ եւ մտերիմ մթնոլորտի մէջ։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ իրենց հաւատքի քաջ վկայութեան համար։
Տիկին Միրիամը իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր ու համայն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ աջակցութեան, ու բարի կամք ունեցող մարդոց աղօթքներուն։
Յաւարտ հանդիպումին , Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալացի անձնակազմին, որոնք ընկերացած էին Տիկին Միրիամի եւ անոր ընտանիքին դէպի Իտալիա ճանապարհորդութեան ընթացքին։
Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուտանցի Տիկին Միրիամի հետ հանդիպումով, ուզեց յայտնել նաեւ իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին իրենց դաւանած հաւատքի պատճառաւ , ու յատկապէս բոլոր քրիստոնեաներուն, որոնք հալածանքի կամ կրօնական ազատութեան սահմանափակումներու ենթարկուած են։







All the contents on this site are copyrighted ©.