2014-07-24 09:35:02

Տահեշ կը սպառնայ նաեւ Մուսուլի Քիւրտերուն


Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւնը (ՏԱՀԵՇ) սպառնաց սպաննել քիւրտերը, եթէ Մուսուլէն չհեռանան: ՏԱՀԵՇ սպառնաց սպաննել հարիւր քիւրտ ընտանիքներ, եթէ անոնց անդամները չհեռանան Մուսուլէն, սակայն անոնց ժամկէտ մը չճշդեց: Նախապէս 700 քրիստոնեայ ընտանիքներ հեռացած էին քաղաքէն:
ՏԱՀԵՇ նաեւ ամբողջական պաշարման տակ առաւ Ֆալուժայի հարաւը գտնուող Նահիա Ամրիայն, որովհետեւ անոր ցեղապետները մերժած են իրեն հաւատարմութեան երդում տալ:
Միւս կողմէ, Իրաքի լուծարեալ Պաաս կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ կը խզէ յարաբերութիւնները ՏԱՀԵՇ-ի հետ, զոր ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը նկատեց:







All the contents on this site are copyrighted ©.