2014-07-24 12:59:47

Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավարը ՀԿ Պատրիարքարանի մէջ


Երեւանի «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավար՝ Արթիւր Դումայեան եւ Մուշեղ Լալայեան, որոնք Հայկազեան Համալսարանի հրաւէրով կը գտնուին Լիբանան, 23 յուլիս 2014-ին այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցան «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին հետ:
Հանդիպումի հիմնական նիւթն էր կրթական ծրագիրներու շուրջ գործակցութեան կարելիութիւնները գալիք օրերուն:
Իր կարգին Արթիւր Դումայեան նշեց, որ հիմնադրամը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ յատկապէս ազգային ներուժի բացայայտման, սփիւռքի մտաւոր կարողութիւններու ներգրաւման գործընթացներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սարգիս Նաճարեանը եւ Վարդան Թաշճեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.