2014-07-24 09:49:40

Այցելութիւն Սփիւռքի նախարարութիւն եւ պարգեւատրում հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի


ՀՀ Սփիւռքի Նախարար՝ տիկին Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի մասնակիցները: Ան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտեց ընկերային հաղորդամիջոցներու համագումարի զեկուցումներուն, քննարկումներուն, առաջադրանքներուն կարեւորութիւնը եկեղեցական ԶԼՄներու գործունէութեան բնագաւառին մէջ, մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին, ապա՝ հրաւիրեց հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի մասնակից լրագրողները մասնակցելու «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ճանաչումէն պահանջատիրութիւն» խորագրեալ՝ լրագրողներու համահայկական 7-րդ համաժողովին:

Հանդիպումի ընթացքին, Տիկին Հրանուշ Յակոբեան ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Ոսկեմետալը շնորհեց Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին, արժեւորելով անոր ներդրումը ի խնդիր Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման: Սփիւռքի նախարարը մեծապէս գնահատեց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դռները՝ Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով տուժած բազմատասնեակ ընտանիքներուն առջեւ բանալու սրբազան հօր նախաձեռնութիւնը: Տիկին Յակոբեան սրբազան հայրը նկատեց նախարարութեան լաւագոյն բարեկամներէն մէկը:







All the contents on this site are copyrighted ©.