2014-07-23 10:31:38

Ոչ եւս է հայր Օգոստինոս վարդապետ Սեքուլեան Մխիթարեան մտաւորական հայրը


Սրտի խոր կսկիծով կը գուժենք մահը Մխիթարեան Միաբանութեան անդամ, հայր Օգոստինոս վարդապետ Սեքուլեանի, որ պատահեցաւ ուրբաթ 18 յուլիսին, Լոս Անճելոսի մէջ:
Հայր Օգոստինոս վրդ. Սեքուլեան, ծնած է սեպտեմբեր 19, 1921-ին Թրանսիլվանիոյ Ճուրճով քաղաքին մէջ (այժմ Ռումանիոյ մէկ քաղաքը): Իր նախնական ուսումը աւարտելէ ետք իր ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ, 1931-ին, հազիւ տաս տարեկան, մտած է Վիենննայի Մխիթարեան կղերանոցը: Դեկտեմբեր 31, 1944-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ: 1945-46 տարիներուն կ'աւարտէ իր համալսարանական ուսումը եւ կը ստանայ իր մագիստրոսի տիտղոսը Վիեննայի պետական համալսարանէն:
Ի շարս այլ պաշտօններու, 1957-1961 տարիներուն, Պէյրութի Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանէն ներս կը վարէ փոխ տնօրէնի եւ ուսուցիչի պաշտօնը: Կրկին կը վերադառնայ Լիբանան եւ 1972-1978 տարիներուն կը ստանձնէ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ժառանգաւորներու բաժինի պատասխանատուութիւնը:
1978-1992 տարիներուն եղած է Ընհանուր աթոռակալ այն ատեն Վիեննայի Մխիթարեան Միաբանութեան: 1992-էն 2009 եղած է տնօրէն Լոս Անճէլըսի Մխիթարեան վարժարանին:
Ունի բազմաթիւ բանասիրական, դրամագիտական, ծիսական եւ տոմարագիտական աշխատանքներ, նամանաւանդ «Հանդէս Ամսօրեայ»ի մէջ տպուած: Իսկ այս բոլորէն անկախ հրատարակութեան պատրաստած է Հին եւ Նոր Կտակարաններու աշխարհաբար թարգմանութիւնը:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Դիւան հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի







All the contents on this site are copyrighted ©.