2014-07-23 10:49:35

ՀՀ Սփիւռքի նախարարը պարգեւատրեց Սարգիս Նաճարեանը եւ Հրանդ Աճէմեանը


Հայ կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի աւարտին, համագումարի մասնակիցներու Սփիւռքի Նախարարութիւն այցելութեան ընթացքին, 17 յուլիս 2014-ին, տիկին Հրանուշ Յակոբեան «Ուիլեըմ Սարոյեան» մետալով պարգեւատրեց պր. Սարգիս Նաճարեանը՝ գնահատելով անոր լրագրողական, հասարակական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը ի խնդիր Սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի պահպանման ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման:

Միեւնոյն առիթով նախարար Հրանուշ Յակոբեան մայրենի լեզուի պահպանման եւ սերունդներուն հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած աւանդին համար «Մայրենի դեսպան» մետալով պատգեւատրեց ամերիկաբնակ դոկտ. Հրանդ Աճէմեանը:

Պարգեւատրեալները հերթաբար երախտագիտական ու շնորհակալական իրենց խօսքերը փոխանցեցին Սփիւռքի նախարարին յայտնելով, որ նման գնահատանքները պարտաւորեցնող են, հետեւաբար իրենք զիրենք պատրաւորուած կը զգան աւելի եռանդով շարունակելու մշակութային ու հասարակական իրենց աշխատանքները:







All the contents on this site are copyrighted ©.