2014-07-23 11:38:35

Հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումի 40 ամեակը թուրք պետութեան կողմէ


20 Յուլիս 1974, թրքական բանակը նախայարձակում կատարած է Կիպրոսի վրայ ու բռնագրաւած է Հիւսիսային Կիպրոսը։ Կիրակի 20 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 5,20-ին, ահազանգի զանգակը մէկ վայրկեան հնչեց Նիքոզիոյ եւ Կիպրոսի բոլոր վայրերու մէջ վերակոչելու՝ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւումը թրքական բանակի կողմէ։ Պետական շէնքերու վրայ դրօշակները կէս բարձրացած էին ի նշան սուգի՝ ոգեկոչելու մահը աւելի քան 7000 զոհերու եւ 2000 տեղահաններու, մինչ թրքաբնակ հիւիսային Կիպրոսը զինւորական տողանցքով վերակոչեց բռնագրաւումի 40-րդ տարեդարձը։







All the contents on this site are copyrighted ©.