2014-07-23 11:33:00

Կարտինալ Գոխի մամլոյ ելոյթը կաթողիկէ եկեղեցին եւ Մոսկուայի պատրիարքութիւնը նիւթին մասին։


Ս. Աթոռի L’Osservatore Romano օրաթերթին հետ ունեցած ելոյթով կարտինալ Գոխ` նախագահը եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդին, կը յայտնէ, որ կաթողիկէ Եկեղեցին '''շատ լաւ'' կապեր հաստատած է Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքութեան հետ, իսկ յարաբերութիւններու կապերը բարդ են Մոսկուայի օրթոտոքս պատրիարքութեան հետ։ Կարտինալը դիտել կու տայ, որ Մոսկուայի պատրիարքութիւնը կը քննադատէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դիրքը Ուքրանիոյ հանդէպ զանազանութիւն չդնելով հաւատքի ու քաղաքականութեան միջեւ։Կարտինալը հուսկ կ'ընդգծէ, որ Օրթոտոքս եկեղեցիներու հետ կատարեալ միութեան արգելքներ են՝ աստուածաբանական հարցերը եւ Հռոմի եպիսկոպոսի գլխաւորութեան հարցը։
Մամլոյ ելոյթի աւարտին կարտինալ Գոխ կոչ կ'ընէ, որպէսզի քրիստոնեայ եկեղեցիները աւելի յանդգնութեամբ դատապարտեն քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքը, մատնանշելով թէ հաւատքին համար հալածուած մարդոց 80 տոկոսը քրիստոնեայ են։ Կարտինալ Գոխ կը յայտնէ նաեւ, թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կարող է նոր դռներ բանալ աւետարանական ու եկեղեցական այլ շարժումներուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.