Երկուշաբթի, 21 յուլիսին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին
մէջ ընդունեց Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ՝ ընդհանուր քարտուղարը Իտալական Եպիսկոպոսաց
դասի եւ Քասսանo Ալ Իոնիօ թեմի առաջնորդը։ Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Պապը, շաբաթ 26 յուլիսին,
հովուական այցելութեամբ կը մեկնի Իտալիոյ Քազէրթա քաղաքը։ Հովուական այցելութեան ընթացքին
Նորին Սրբութիւնը պիտի հանդիպի Քազէրթա թեմի քահանաներուն հետ, ապա յետմիջօրէին, ժամը
6-ին, քաղաքին գլխաւոր հրապարակին վրայ պիտի նախագահէ հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը։