2014-07-21 12:23:16

ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը քրիստոնեաներու դէմ հալածանքը որակած է որպէս մարդկութեան դէմ ոճիր


Մակի ընդհանուր քարտուղաը` Պան Քի-մուն 20 Յուլիս 2014 կատարած մէկ յայտրարաութեան ընթացքին խստիւ դատապարտած է Իրաքի ու Սուրիոյ քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած կանոնաւոր հալածանքը եւ իր վրդովումը յայտնած է Մուսուլի քրիստոնեաներու դէմ հասած տեղեկութիւններուն վերաբերեալ։ Ծայրայեղ մահմետականները իսլամական պետութիւն մը հռչակելով պահանջած են քրիստոնեաներու տեղահանումը։
ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը կը պահանջէ մարդու միջազգային իրաւունքի յարգանքը, մատնանշելով որ ՄԱԿը ամէն ջանք կը թափէ համագործակցելու Իրաքի եւ Քիւրտիստանի կառավարութիւններու հետ պաշտպանելու քրիստոնեայ փոքրամասնութիւնները, որոնք հազարամեակներէ ասդին այդ հողին վրայ կ'ապրին։







All the contents on this site are copyrighted ©.