2014-07-21 12:48:01

Ամերիկեան դեսպանատան դիմաց բողոքի ցոյց


Կիրակի, 20 յուլիսին, կէսօրէ առաջ Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը` Պաղեստինի զօրակցութեան եւ Կազայի վրայ Իսրայէլի սանձազերծած յարձակումին դէմ:
Աուքարի մէջ պաղեստինցիներուն զօրակից երիտասարդներ, ուսանողներ եւ պաղեստինցի գաղթականներ դատապարտեցին պաղեստինցիներուն դէմ գործուող բռնարարքները:
Ցուցարարները հրկիզեցին ամերիկեան եւ իսրայէլեան դրօշները:
Ցոյցին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէն, որ ողջունեց պաղեստինեան դիմադրութիւնն ու Կազան եւ դատապարտեց անոնց դէմ գործուող իսրայէլեան վայրագութիւնները:
Պաղեստինցի ղեկավար Ալի Ֆայսալ պաղեստինեան ձախակողմեան շարժումին անունով շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է քայլեր որդեգրէ եւ չբաւարարուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի շրջան այցելութեամբ, որովհետեւ Քի Մուն ըստ սովորականին շրջան այցելութեան պարագային հաւասարութեան նշան պիտի դնէ զոհին եւ դահիճին միջեւ:
Նշենք, որ ցոյցին ընթացքին բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ:
Միւս կողմէ, Հըզպալլա երէկ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց Կազայի Շուժահիյա շրջանին դէմ Իսրայէլի գործած սպանդը:
Հըզպալլա կոչ ուղղեց նաեւ Կազայի զօրակցութեան լայն արշաւի մը դիմելու` շեշտելով, որ Իսրայէլ իր բռնարարքներով թիրախ կը դարձնէ կիներն ու մանուկները եւ պաղեստինցի ժողովուրդը:
Հըզպալլա դատապարտեց արաբական վարչակարգերն ու միջազգային ուժերը` պաղեստինցիներուն դէմ գործուող այդ ջարդերուն գծով լուռ մնալու յանցանքով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ այդ լռութիւնը իսրայէլեան գոյացութեան մեղսակցութիւն կը նկատուի:







All the contents on this site are copyrighted ©.