2014-07-19 09:08:31

Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի պատգամը մահմետականներու ''ռամատանի'' ծոմապահութեան աւարտին առթիւ։


''Միասնաբար աշխատինք կերտելու խաղաղութեան կամուրջներ եւ քաջալերելու հաշտութիւնը''

Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան` Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, մահմետական աշխարհին պատգամ մը ուղղած է, ''Իտ Էլ Ֆըդըր'' ռամատանի ծոմապահութեան աւարտին առթիւ։
Պատգամին մէջ կը կարդանք.
''Ռամատանի աւարտին առթիւ, նուիրուած ծոմապահութեան, աղօթքի ու աղքատներուն նուիրատուութեան, իմ լաւագոյն բարեմաղթութիւններս կը յայտնեմ, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի բառերով ձեզ կոչելով ''մեր եղբայրները''։
Արդարեւ ամէնքս` քրիստոնեայ թէ մահմետական, եղբայրներ ու քոյրեր ենք միեւնոյն մարդկային ընտանիքին, ստեղծուած միակ Աստուծմէ։
Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը` 1982-ին խօսքը ուղղելով մահմետականներուն ըսած էր. ''մենք ամէնքս, քրիստոնեայ թէ մահմետական, կ'ապրինք միակ ու ողորմած Աստուծոյ արեւին տակ։ Ամէնքս կը հաւատանք Արարիչ միակ Աստուծոյ։ Կը հռչակենք Աստուծոյ տէրութիւնը ու կը պաշտպանենք մարդու արժանաւորութիւնը, որպէս Աստուծոյ արարած։ Այս պատճառաւ կարող ենք մենք մեզ կոչել` եղբայրներ ու քոյրեր միակ Աստուծոյ, հաւատքին մէջ։
Գոհութիւն կը մատուցենք Ամենակալին, կը գրէ Կարտինալ Թոռան իր պատգամին մէջ, եւ հակառակ մեր տարբերութիւններուն կը ճանչնանք կարեւորութիւնը երկխօսութեան, հիմնուած` փոխադարձ յարգանքի ու բարեկամութեան վրայ։
Ամէնքս կանչուած ենք միասնաբար աշխատելու արդարութեան, խաղաղութեան, իրաւունքներու յարգանքի ու անհատի արժանաւորութեան ի խնդիր։ Ինչպէս գիտենք ներկայ աշխարհը կանչուած է դիմագրաւելու սուր մարտահրաւէրներ, որ կը պահանջեն բոլորին մասնակցութիւնը ու զօրակցութիւնը, ինչպէս բնապահպանութիւնը, տնտեսական տագնապը, երիտասարդներու աշխատանքի պակասը։ Այս ամէնը կը դարձնեն անհատը դիւրաբեկ ու վհատ, ու ասոր կից պէտք չէ մոռնանք ընտանիքի տագնապը։
Միասնաբար աշխատինք կերտելու խաղաղութեան կամուրջներ եւ քաջալերելու հաշտութիւնը` մասնաւորապէս հոն ուր մահմետականներն ու քրիստոնեաները թիրախ են պատերազմի սարսափին։
Մաղթանքս է - կը գրէ միշտ Կարտինալ Թոռան - որ մեր բարեկամութիւնը ներշնչէ մեզի միասնաբար համագործակցելու, իմաստութեամբ ու խոհեմութեամբ դիմագրաւելու համար կեանքի պէս պէս դժուարութիւնները եւ այսպէսով կարողանանք ամոգել լարուածութիւններն ու ընդհարումները հասարակաց բարիքին ի խնդիր։ Ցոյց տանք որ կրօնները կարող են ըլլալ աղբիւր ներդաշնակութեան համայն մարդկային ազգին բարօրութեան ու բարիքին համար։
Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահը պատգամը կ՛եզրափակէ գրելով ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ միասին ձեզի կ'ուղղենք սիրալիր բարեմաղթութիւններ` տօնական ուրախութեան ու խաղաղութեան մէջ բարգաւաճ կեանքի։
Տուեալ Վատիկան 24 Յունիս 2014։








All the contents on this site are copyrighted ©.