2014-07-19 09:54:25

Եգիպտոսը կը սերտէ օրէնք մը երաշխաւորելու եկեղեցիներու կառուցումը ու անոնց վերանորոգումը։


Արդարութեան նախարարութիւնը վերջերս ընդունած է քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները անոնց հետ սերտելու նոր օրէնք մը եկեղեցիներու կառուցումին եւ վերանորոգումին համար, յայտնած է Մինիայի թեմի կաթողիկէ ղպտիներու առաջնորդը` Պութրոս Ֆահիմ Աուատ Հաննա։ Նշենք որ մինչեւ օրս եկեղեցիներու շինութիւնը կամ վերանորոգումը կախում ունէր նախագահին ստորագրութենէն եւ թէ այս օրէնքը ժառանգութիւն մնացած էր օսմանեան օրէնսդրութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.