2014-07-19 09:31:05

11 օրուայ Իսրայելեան զինեալ գործողութիւններու հետեւանքով 300 պաղեստինցիներ սպաննուած են։


Իսրայէլեան բանակը ուրբաթ 18 յուլիսին Կազայի դէմ սկսաւ ցամաքային գործողութեան մը` օդէն, ցամաքէն եւ ծովէն բուռն կերպով ռմբակոծելով պաղեստինեան շրջանը: Իսրայէլեան բանակի բանբերը յայտարարեց, որ գործողութեան ընթացքին սպաննուած են իսրայէլացի զինուորներ, իսկ ուրիշներ` վիրաւորուած: 11 օր տեւող Իսրայելեան զինեալ գործողութիւններու հետեւանքով 300 պաղեստինցիներ սպաննուած են միչեւ այսօր։
«Ժազիրա» երէկ գիշեր հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մօտ մեծաթիւ ուժեր հաւաքած է` ցամաքային գործողութիւնը ընդլայնելու նպատակով: Իսկ Համաս շարժումը իսրայէլեան բանակին ցամաքային գործողութեան ձեռնարկելը «վտանգաւոր քայլ եւ չմտածուած» որակեց` նշելով, որ իսրայէլեան բանակը շատ սուղ գին պիտի վճարէ:
«Մայատին» հաղորդեց, որ ցամաքային գործողութեան զուգահեռ, Թուրքիոյ մէջ Համասի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան միջեւ զինադադարի համաձայնութեան մը փաստաթուղթի պատրաստութեան շուրջ գաղտնի բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան` նշելով, որ զինադադարի հաստատման համար թրքական ջանքերը ձախողած են:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ յայտնեց, որ ինք կապ հաստատած է Նեթանիահուի հետ եւ վերջինս տեղեակ պահած, որ «Իսրայէլ իրաւունք ունի ինքնապաշտպանութեան դիմելու»։ Մինչ ՄԱԿի ընհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն որ այսօր շրջանը պիտի այցելէ կոչ ուղղեց զինադադարի կիրարկումին եւ խաղաղութեան հաստատումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.