2014-07-18 14:02:10

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցութիւնը Մալեզեան օդանաւի պայթումին զոհերու ընտանիքներուն


Ուրբաթ, 18 յուլիսին, Ուքրանիոյ մէջ Մալեզեան օդանաւային ընկերութեան օդանաւի պայթումին ի լուր եւ այս արարքի հետեւանքով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն, Ֆրանչիսկոս Պապը ցաւ յայտնեց եւ աղօթեց օդանաւի պայթումի զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար, հակամարտող կողմերուն կոչ ուղղելով վերջ տալու պայքարներուն եւ դիմելու խաղաղութեան եւ լուծումներ գտնելու երկխօսութեան ճանապարհով, խնայելու համար այլ մարդկային անմեղ զոհեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.