2014-07-18 09:42:59

Քորէացիները կը գնահատեն Ֆրանչիսկոս Պապի համեստութիւնը:


՝՝Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը չէ սիրուած միայն կաթողիկէ հաւատացեալներէն՝ այլեւ բոլոր Քորէացի ժողվուրդէն''։ Այս մասին հաղորդեց Սէուլի Թեմի բանբեր` Հայր Հուր Եունկ Եուփ՝ Ռատիօ վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապի` 14-18 օգոստոս Քորէա կատարելիք միջազգային հավուական այցելութեան նախօրեակին։
՝՝Մենք կը գնահատենք Ֆրանչիսկսոս Պապի համեստութիւնը եւ Անոր որդեգրած վարուելակերպը ի սպաս կարիքաւորներուն. բոլոր Քորէացիները անհամբեր կը սպասեն հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին'' ըսած է Հայր Հուր Եունկ, աւելցնելով թէ ''Քորէան երկիրը մըն է որ կը խորհրդանշէ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան պահանջը։ Ֆրանչիսկոս Պապի Քորէայի այցը կրնայ երկրին տալ յոյսի եւ խաղաղութեան կարեւոր պատգամ մը''։
Սէուլի կաթողիկէ թեմի բանբերի վկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յատկացուած առիթ մը չէ միայն այլ նաեւ կարեւոր պատեհ առիթ`երկրին ներքին բարեփոխումներու եւ Աւետարանութեան։ Ան ապա հաստատեց թէ կառավարութիւնը աշխուժօրէն կը համագործակցի Քահանայապետի հովուական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.