2014-07-18 09:29:00

Մալեզիական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ


280 ճամբորդներ եւ 15 անձնակազմ փոխադրող Մալեզիական օդանաւ մը երէկ գիշեր ջախջախուեցաւ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ: Ուքրանական բանակն ու ռուսամէտ զինեալները զիրար ամբաստանեցին օդանաւը վար առնելու համար: Ռուսական օդային փոխադրամիջոցներու դաշնակցային գործակալութենէն աղբիւր մը «Ինթըրֆաքս»-ին յայտնեց, որ մալեզիական օդանաւը վար առած հակաօդային հրթիռին բուն թիրախը կրնայ ըլլալ որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը Պրազիլէն Մոսկուա փոխադրող օդանաւն էր: Երկու օդանաւերը Վարշաւայի մօտ նոյն կէտէն անցած են, իրարու շատ նման են, նոյն գոյնը ունին եւ հեռուէն դժուար է զանոնք զանազանել: Անոնց միջեւ հեռաւորութիւնը շատ փոքր եղած է:
Փութին Մոսկուա հասնելէ ետք անմիջապէս կապ հաստատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.