2014-07-17 09:59:09

Քահանայապետական նշանակում։


Գերապայծառ Օզա` վերջերս նշանակուած է որպէս Ս. Աթոռի մնայուն դէտ Նիւ Եորքի ՄԱԿի գրասենաեկին մօտ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 16 Յուլիս 2014-ին, զինք նշանակեց նաեւ Ս. Աթոռի մնայուն դէտ ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան մօտ։ Վերոյիշեալ կազմակերպութեան մաս կը կազմեն Ամերիկայի բոլոր պետութիւններու կառավարութիւնները։
Նշենք, որ 55 տարեկան փիլիպենցի գերապայծառ Օզա նախապէս կը վարէր առաքելական դեսպանի պաշտօնը, Հայիթիի մօտ։







All the contents on this site are copyrighted ©.