2014-07-17 11:08:21

Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց եւրոպական յանձնաժողովի նոր նախագահը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Ժան Քլոտ Եունքերին` Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ուղերձին մէջ յոյս յայտնեց, որ Ժան Քլոտ Եունքերի պաշտօնավարութեան ընթացքին Եւրոպական յանձնաժողովին հետ Հայաստանի արդիւնաւէտ գործակցութիւնը պիտի շարունակէ զարգանալ եւ խորանալ` բանալով փոխշահաւէտ համագործակցութեան նոր հեռանկարներ:
«Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը մեծապէս նպաստած է Հայաստանի մէջ արդիւնաւէտ կառավարման, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան եւ այլ մարզերու մէջ բարեփոխումներու իրականացման, զորս մենք մեծապէս կը գնահատենք», Եւրոպական յանձնաժողովի նորընտիր նախագահին գրած է Հայաստանի նախագահը:







All the contents on this site are copyrighted ©.