2014-07-17 09:56:50

Կարտինալ Փարոլին կ՛ողջունէ Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներու յանձնառումը երկրին միութեան ու համերաշխութեան ի խնդիր։


Կուատալուփէ Տիրամօր նուիրուած պազիլիքայի մէջ մատուցած պատարագին ընթացքին, անցեալ 15 Յուլիս 2014-ին, Ս.Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարտինալ Փարոլինը ողջունած է Մեքսիքոյի եպիսկոպոսներու յանձնառումը երկրին միութեան ու համերաշխութեան ի խնդիր։
Ան նաեւ գնահատած է եպիսկոպոսներու ունեցած մօտեցումը ընկերային կեանքին մէջ, որով կարողացան ներմուծել քրիստոնէական արժէքները աւելի արդար ու զօրավիգ ընկերութեան մըկերտումին։
Կարտինալը Մեքսիքօ կը գտնուի մասնակցելու կլոր սեղանի մը որուն նիւթն է.''մարդկային տեղաշարժը եւ զարգացումը''։
Ս. Աթոռի Պետական Քարտուղարը Ս. Կոյս Մարիամի նուիրուած քարոզով ներկաներէն խնդրեց աղօթել գաղթականներուն համար։ Ասոնք` ըսաւ ան, անձեր են որոնք պարտաւորուեցան հեռանալ իրենց օճախներէն եւ միաժամանակ, զոհ են զիրենք տարամերժող տնտեսական համակարգին։ Կարտինալը իր քարոզը եզրափակեց ընդգծելով. գաղթականները ցոլացումն են տառապող Քրիստոսի դիմագիծին եւ այդ պատճառաւ կը յուզեն սիրտը Տիրամօր։








All the contents on this site are copyrighted ©.