2014-07-17 10:43:14

Կազայի դէմ Իսրայէլեան յարձակումը 10-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ։


Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը երէկ 10-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Մինչ այդ, զոհերուն թիւը բարձրացաւ 208-ի, իսկ վիրաւորներունը` 1535-ի:
Իսրայէլ երէկ սկսաւ թիրախ դարձնել նաեւ Համասի ղեկավարներուն բնակարանները, որոնց շարքին նաեւ Մահմուտ Ապու Զահհարի բնակարանը:
Իսրայէլեան բանակը Կազայի հիւսիսը գտնուող Շուժահիյա եւ Զէյթուն թաղամասերուն բնակչութեան կոչ ուղղեց` շրջանէն դէպի Կազայի կեդրոնը հեռանալու եւ իրենց բնակարանները չվերադառնալու մինչեւ որ այդ առնչութեամբ ցուցմունք չստանան: Իսրայէլեան բանակը նաեւ թռուցիկներ նետեց Պէյթ Լահիայի շրջանին մէջ եւ զգուշացուց, անոնց, որոնք իրենց բնակարաններուն մէջ կը մնան` ըսելով, որ իրենց կեանքը կը վտանգեն:
Քասսամի փաղանգները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեցին, որ «Էմ-75» տիպի չորս հրթիռներով թիրախ դարձուցած են Թել Աւիւը, ինչպէս նաեւ 8 հրթիռներ արձակած են Ղոշ Տանի ուղղութեամբ: Փաղանգները ռմբակոծած են նաեւ Աշքելոնը եւ այլ շրջաններ:
Ժիհատ Իսլամիի զինեալ թեւը` Սարայա Քուտս խմբաւորումը 400 հազար իսրայէլացիներու բջիջայիններուն պատգամ յղած է` նշելով. «Բոլո՛ր սիոնականներուն, ձեր յիմար ղեկավարութիւնը ձեզ դէպի մահ կ՛առաջնորդէ: Կազայի մէջ ձեզի կը սպասէ երկու բան` գերեվարութիւն կամ հաստատ մահ»:
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտարարեց, որ իր երկիրը «Կազային եւ Պաղեստինին կարելի եղած ամէն տեսակի աջակցութիւնը պիտի տրամադրէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.